Tuesday, November 17, 2015

«Իմ քիչ տեսած բաներս»

★Կարճ ականջներով թրքախօս հայ մը,
★«Ջէք» գրող մը, որ դրամատունը դրամ ունի,
★Փոքր բերնով դիւանագէտ մը,
★Պոլսահայ մը որ միլիոնատէր չէ եղած…
★Պարել չգիտցող իրանահայ մը,
★Գլուխը քերելու ժամանակ ունեցող բժիշկ մը
★Շաբաթը չորս օր լուբիա չ՚ ուտող մեքսիքացի մը
★Թրքերէն խօսող մը որ չի հայհոյեր…
★Ռուսահայ մը, որ մեծ գործարանի մը տէր եղած չ՚ ըլլայ, եւ ռուսները զինք իր «ֆապրիքայ»-ին մէջ գործաւոր ըրած չ՚ ըլլան,
★Լիբանանահայ մը, որուն 5-6 շէնքերը պատերազմին փլած չ՚ ըլլան…
★Ամերիկացի մը, որ օրական երեք տեսակէն պակաս դեղահատ կը կլլէ,
★Հայկական ժողով մը, որու ընթացքին դրամական հարցի վրայ չխօսուի,
★Դրամական հարց մը, որուն վրայ ժողով չգումարուի,
★«Շիրակ» երգարանին մէջ անսխալ երգ մը,
★Ամերիկահայ մը, որ պտուղ չորցնելով չէ ծախած,
★Հայաստանցի մը, որ իր ճիւղին մէջ «մասնագիտացած» եւ «աւարտած» չ՚ ըլլայ, ★Եգիպտահայ մը, որ «ծառաներ» չէ ունեցած,
★Իրաքահայ մը, որուն խօսածը առանց իր ձեռքերու շարժումներուն հեգեւելու կարենաս հասկնալ,
★Պատարագ մը, որուն ներկայ եղողներուն թիւը եկեղեցւոյ բակը կեցողներէն շատ ըլլայ, ★Յանցանքը ընդունող բանտարկեալ մը…
★Պարահանդէս մը, ուրկէ առանց գլխու ցաւի տուն դառնաս,
★Թատերական ձեռնարկի մը թերին նշող գրութիւն մը, որ տպուելէն ետք վլվլուկ չփրցնէ… ★Երգ չգրող երգիչ մը…
★Անգործ ոճրագործ մը,
★Թերթին բաժնեգինը ժամանակին վճարող մը,
★Բաժանորդ մը որ ժամանակին թերթ կը ստանայ,
★Պապ մը, որ ազգայնամոլութենէ տարուած, իր հարազատ հայրենիքին մէջ միսի սղութենէն յառաջ եկած տագնապի մը թիկունք կենայ (հայրը մսագո՞րծ է, ինչ է… ) բայց առաջին քրիստոնեայ ազգին անապատի շիկացած աւազներուն մէջ բռնի սովամահ եղած եւ անգղներու կեր դառձած հարիւր հազարաւոր անմեղ երեխաներու տակաւին անլոյծ դատը աշխարհին յիշեցնողներուն «ոճրագործ» կոչէ։
★Թուրք դիւանագէտ մը, որ Թուրքիայէն դուրս, սանկ «քապատայի» մը քալէ…

 «Փշածաղիկ», 1981, էջ. 46-47 Արշակ Խնդիրեան։

Saturday, March 14, 2015

Կտակ

Դավիթ Ամալյան, Ռուբեն Հախվերդյան:

ԿՏԱԿ

Խղճիս հորինած մեղքերի առաջ
կլինեմ ներկա,
Մեղքից վախեցած մտքերիս առաջ` նորից բացակա,
Հետո կփակեմ սիրուց արբեցած իմ աչքերը թաց,
Կբացեմ միայն սրտիս գիշերվա
հեքիաթի առաջ:

Կրկն.-
Իմ վառ հեքիաթում բարբարոս ստի աղոթքը չկա,
Հավատից թաքուն կեղծը տարածող սուտ կրոն չկա,
Փառքի կածանով մարդուն սատանի տուն տանող չկա,
Չարը անկեղծ է, բարին ` բարեպաշտ, սուտ սիրող չկա:

Հեքիաթիս բարի հերոսի առաջ
կլինեմ ներկա,
Բարին գովերգող չարերի առաջ`
նորից բացակա,
Սիրտս կպահեմ քծնող ցերեկվա
մարդաշատ աղբից,
Իմ կնճռոտ հոգին կտամ գիշերվա հանդարտ հեքիաթիս:

Հեքիաթս` երազ, ես`  մահկանացու, նորից արթնացա,
Ժամանակ կոչվող աղետի առաջ
նորից խեղճացա,
Սակայն ինքս ինձ խափելու պահին եղա բացակա,
Խղճիս հորինած մեղքերի առաջ
կլինեմ ներկա:

Կրկն.-
Իմ վառ հեքիաթում բարբարոս ստի աղոթքը չկա,
Հավատից թաքուն կեղծը տարածող սուտ կրոն չկա,
Փառքի կածանով մարդուն սատանի տուն տանող չկա,
Չարը անկեղծ է, բարին `
բարեպաշտ, սուտ սիրող չկա:



m.k.