Monday, April 25, 2016

Դ D Տ (II)

Զանգը հնչեց... Մտնենք դասարան եւ ուշի ուշով հետեւինք վարժապետ Ենովք Լազեանին:

Սիրելի Բարեկամներ,
Կը փափաքիմ մէկ ընդ միշտ ճշդել կարգ մը անհրաժեշտ բաներ։ Նախ ըսեմ, որ լեզուաբանութեան միակ ուսուցիչս եղած է Էտմոն Աւետեան, եւ իրմէ զատ ուրիշ հեղինակութիւն չեմ ճանչցած այդ գիտութեան մէջ։

Ա
Հնչիւնափոխութիւն
Շատ մը թեքական լեզուներու մէջ տարածուած երեւոյթ մըն է. Հայերէնը, վրացերէնը, ռուսերէնը, լատիներէնը առատ օրինակներ կը մատակարարեն.
Սէր սիրոյ է ի
ոգեղէն ոգեղինութիւն (ոչ թէ ոգեղէնութիւն) է/ի հնչիւնափոխութիւն
Ունդ ընդեղէն ու/ը
Ինչք ընչաքաղց ի/ը
/ Беречь берёг бережённый ч г/ж հնչիւնափոխութիւն (чередование согласных)
Сыроед сыроежка д/ж հնչիւնափոխութիւն
ёж ежовый ё/е հնչիւնափոխութիւն (чередование гласных)
tordre tortion d/t հնչիւնափոխութիւն
cloture cloison t/s հնչիւնափոխութիւն
mordre morsure d/s հնչիւնափոխութիւն
Kummer kümmern u/ü հնչիւնափոխութիւն
Schlag Schläge a/ä հնչիւնափոխութիւն
rot Röte o/ö հնչիւնափոխութիւն
Թրքերէնը հնչիւնափոխութիւնը չի ճանչնար, սակայն կը պարզէ նման երեւոյթ մը որ ձայնաւորներու ներդաշնակում կը կոչուի, երբ ածանցին ձայնաւորը կը նոյնանայ բառարմատին ձայնաւորին։
Սեմական լեզուները ծայր աստիճան թեքական ըլլալով՝ հնչիւնափոխութիւ
նը քերականութեան կարեւոր դերը կը խաղայ։
Հնչիւնափոխութիւնը լեզուին մէջ բառակազմութեան միջոցներէն մին է։

Բ
Հնչիւնափոխութեան հետ կապ չունի որ եւ է լեզուի մէջ բարբառէ բարբառ եւ խօսուածքէ խօսուածք եղած տարբերութիւնները։ Գերմաներէնի հարաւային բարբառները օ հնչիւնը կ'ունենան յաճախ գրական գերմաներէնի ա-ին դիմաց, սակայն ատիկա ըսել չէ, որ ա-ն օ-ի փոխուեր է օր մը։ Պարզապէս ա-ահունչ բարբառներն են որ ծառայած են գրականին հիմը։
Օ-ն Ա-էն չէ եկած, եւ հնչիւնափոխութեան արդիւնքը չէ։

Գ
Հնդեւրոպական լեզուներու մէջ առկայ է բաղաձայններու երկշարք համակարգը ձայնեղ եւ խուլ։ Լեզուէ լեզու խուլերը կա՛մ պարզ են, կա՛մ շնչեղ։
Հնդկական լեզուները պահպանած են նախահնդեւրոպական լեզուին 4 շարքերը. Ձայնեղ, ձայնեղ շնչեղ, խուլ, խուլ շնչեղ։
Կարգ մը հայ բարբառները ի յայտ կը բերեն նոյն քառաշարք կազմուածքը։
Ե.դարուն՝ հայ գիրի գիւտի պահուն հայերէնը ունէր եռաշարք բաղաձայնական կառոյց, որ տարբեր տեղաշարժեր կը մատնէր սակայն՝ Ե.դարու մատենագրութեան մէջ իսկ տեսանելի։
Ժ դարուն հայերէնի արեւմտեան բարբառներուն մէջ տեղի կ'ունենայ շատ աւելի արմատական տեղաշարժը։
Պարզ խուլերը հետզհետէ կը դառնան ձայնեղ, մինչ նախկին ձայնեղները կը դառնան խուլ շնչեղ։
Այդ տեղաշարժը կը սկսի բառավերջէն, հետզհետէ կը հասնի բառամէջ, ամբողջանալու համար յետագային, սակայն ասոր ստորեւ պիտի անդրադառնամ։

Զաւէն Զաքարեան

No comments:

Post a Comment